image

Ուքրանիոյ մէջ. Ռուսիան յատուկ գործողութեան հարցով վերջնաժամկէտներ չի հետապնդեր

Ուքրանիոյ մէջ. Ռուսիան յատուկ գործողութեան հարցով վերջնաժամկէտներ չի հետապնդեր

Ռուսիան Տոնպասի պաշտպանութեան համար յատուկ ռազմական գործողութեան ընթացքին վերջնաժամկէտներու ետեւէն չէ ինկած. նացիզմը պէտք է 100%-ով արմատախիլ ըլլայ, այլապէս մի քանի տարի յետոյ գլուխը կը բարձրացնէ, ըսած է Ռուսիոյ ԱԽ քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը:

«Մենք վերջնաժամկէտ չենք հետապնդեր», ընդգծած է ան` պատասխանելով մտահոգութիւններուն առ այն, որ յատուկ ռազմական գործողութեան ժամկէտները կ'երկարաձգուին:

«Նացիզմը կա՛մ պէտք է 100%-ով արմատախիլ ըլլայ, կա՛մ մի քանի տարի անց այն գլուխ պիտի բարձրացնէ, այն ալ աւելի տգեղ ձեւով», ըսած է Փաթրուշեւը:

«Ռուսիոյ նախագահին կողմէ դրուած բոլոր նպատակները պիտի իրականացուին: Այլ կերպ չի կրնար ըլլալ, քանի որ ճշմարտութիւնը, այդ շարքին` պատմական ճշմարտութիւնը, մեր կողմն է», ըսած է Փաթրուշեւը: