image

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակուի. կան հարիւրաւոր զոհեր

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակուի. կան հարիւրաւոր զոհեր

Ուքրանիոյ ներքին գործոց փոխնախարար Անթոն Կերաշչենքօն այսօր լուսադէմին յայտարարած է Քիեւի մօտ 6 պայթումի մասին: Անոր խօսքով` «գրոհները կ'իրականացուին թեւաւոր կամ պալիստիկ հրթիռներով»: Աւելի ուշ փոխնախարարը յայտնած է, որ ուքրանական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը խոցած է հակառակորդին թռչող սարքը, որ ինկած է մայրաքաղաքի փողոցներէն մէկուն մէջ:

Ուքրանական պաշտօնական աղբիւրները կը յայտնեն նաեւ, որ Քիեւի մէջ բնակելի շէնք կ'այրի, որու վրայ հրթիռու բեկորներ ինկած են: 

Աւելի վաղ Սումիի շրջանի ղեկավար Տմիթրի Ժիւիցքին ֆէյսպուքեան իր էջով յայտնած էր, որ ռուս զինուորականները տուեալ շրջանէն կը շարժին դէպի Քիեւ:

Գիշերը Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հերթական տեսաուղերձով հանդէս եկաղ է: Զելենսքիի խօսքով` երկրին զինուած ուժերը ետ մղած են հակառակորդը:

Ան ըսած է, որ նախնական տուեալներով` երէկ Ուքրանիոյ 137 քաղաքացի զոհուած է` զինուորականներ եւ քաղաքացիական անձեր: Բոլոր սահմանապահները, որոնք պաշտպանած են Սեւ ծովի մէջ գտնուող Զմէինի կղզին, մահացած են․ «Մեր հերոսներէն 137-ը` մեր քաղաքացիները, զոհուած են, 10-ը` սպայ, 316-ը վիրաւորուած են: Զմէինի կղզին մէջ բոլոր սահմանապահները հերոսաբար զոհուած են, բայց չեն նահանջած: Բոլորին յետմահու Ուքրանիոյ հերոսի կոչում պիտի շնորհուի»:

Զելենսքին նաեւ ըսած է, որ կը մնայ Քիեւի մէջ, թէեւ «թիւ մէկ թիրախն է»: Ան նաեւ յայտնած է, որ բանակցած է ՆԱԹՕ-ի երկիրներու ղեկավարներուն հետ` Ուքրանիոյ դաշինք մտնելու շուրջ, սակայն «բոլորը կը վախնան»:

Ինչպէս ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը, ինք չի վախնար Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններէ, ընդ որում` երկրի չէզոք կարգավիճակին շուրջ, սակայն Ուքրանիոյ համար անվտանգութեան երաշխիքներ կը պահանջէ: Զելենսքիի խօսքով` ինք պատրաստ է բանակցութիւններուն, սակայն այժմ երկրին ճակատագիրը կախուած է բանակէն: