image

Ուքրանիոյ մէջ. Ֆրանսացի լրագրող մը զոհուած է

Ուքրանիոյ մէջ. Ֆրանսացի լրագրող մը զոհուած է

Արման Սոլտեն եւ Agence France-Presse-ի (AFP) գործընկերները կրակի տակ յայտնուած են Ուքրանիոյ արեւելքը, երբ եղած են ուքրանացի զինուորներու խումբի հետ, Այս մասին յայտնած է Le Monde։

Ուքրանիոյ մէջ Ֆրանս-Փրէս գործակալութեան (Agence France-Presse) տեսանիւթերու համակարգող Արման Սոլտեն սպաննուած է երեքշաբթի՝ 9 մայիսին, հրթիռակոծութեան հետեւանքով արեւելքը գտնուող Չասով Եարի մօտ, յայտնած են AFP-ի լրագրողները, որոնք ականատես եղած են դէպքին:

Հրետոկոծութիւնը տեղի ունեցած է Պախմութի մերձակայ քաղաքի ծայրամասը, որ քանի մը ամիս շարունակ արեւելեան Ուքրանիոյ մարտերու կեդրոնն է:

AFP-ի խումբը գնդակոծուած է «Կրատ»-ի հրթիռներով, երբ անոնք խումբ մը ուքրանացի զինուորներու հետ եղած են: 32-ամեայ Սոլտեն զոհուած է, երբ հրթիռը դպած է վայրին, ուր ան պառկած եղած է: Խումբի մնացած անդամներն անվնաս էին: