image

Ուքրանիոյ հակագրոհին մասին ամերիկեան լուրջ կասկածներ

Ուքրանիոյ հակագրոհին մասին ամերիկեան լուրջ կասկածներ

Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները երթալով աւելի շատ կը քննադատեն Ուքրանիոյ հակայարձակման ռազմավարութիւնը երկրի արեւելեան կողմը: Սա աւելի կը խորացնէ լարուածութիւնը Քիեւի եւ Ուաշինկթընի միջեւ:

Գրած է The Financial Times-ը՝ յղում ընելով ոլորտի փորձագէտներուն եւ անանուն պաշտօնեաներուն։

Ուաշինկթընի մէջ հակայարձակման վերաբերեալ վատատեսութիւնը սկսած է աճիլ Ուքրանիոյ 43 միլիառ տոլար արժողութեամբ ֆինանսաւորման փաթեթի աւարտէն շաբաթներ առաջ, որ կը պահանջէ Սպիտակ տունէն ստանալ Քոնկրեսի հաւանութիւնը լրացուցիչ միջոցներու համար:

Ըստ FT-ի՝ Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան դրուագներէն մէկը կապուած է ուքրանական ռազմական ուժերու տեղակայման ձեւի հետ։ Միացեալ Նահանգները Ուքրանիան յորդորած է աւելի քիչ ռիսքի դիմելու եւ հիմնական ուժերը ուղարկելու հարաւ՝ ռուսական դիրքերը ճեղքելու եւ Ազովի ծով հասնելու հնարաւորութիւն ստանալու համար։ Միացեալ Նահանգները նաեւ յորդորած է, որ Ուքրանիան հակայարձակման ընթացքին դադրի կեդրոնանալ երկրի արեւելեան կողմի վրայ, ուր տեղակայուած է իր ուժերու կէսը. Ուքրանիան իր լաւագոյն ստորաբաժանումներէն մի քանին տեղակայած է դէպի արեւելք Պախմութի համար մարտերուն մասնակցելու համար:

Թերթը գրած է, որ այս շաբաթ ուքրանական բանակը շարունակած է փոքր յաջողութիւններ գրանցել, այդ շարքին՝ վերականգնելով Ուրոժայնոյէ գիւղի վերահսկողութիւնը: Միաժամանակ, մասնաւոր զրոյցներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները կը պատրաստուին այն փաստին, որ ռազմական հակամարտութիւնը վերածուի «մաշման պատերազմի, որ պիտի տեւէ մինչեւ յաջորդ տարի»։ Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային վերլուծութեան կեդրոնի գլխաւոր գիտական աշխատակից Մայքլ Քոֆմանի խօսքով՝ ուքրանացի զինուորականները առաջ անցած են 10 քիլոմեթրէն ոչ աւելի։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ուրոժայնոյէի մօտ յարձակումները ետ մղուած են։

FT-ն նշած է, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կոչ ըրած են Արեւմուտքին ծանր սպառազինութիւն փոխանցելու։ Անոնք պնդած են, որ հակայարձակումը պիտի շարունակուի դանդաղ, եթէ Ուաշինկթընը չուղարկէ հեռահար զէնքեր եւ օդուժ՝ իրեն աջակցելու համար: Իրենց հերթին, Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներն ըսած են, որ Միացեալ Նահանգները չարտադրեր բաւականաչափ մարտավարական պալիսթիք հրթիռներ՝ մարտադաշտին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու համար: