image

Ուքրանիան պէտք է ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնայ.Պլինքըն

Ուքրանիան պէտք է  ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնայ.Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, ելոյթ ունենալով Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ, վստահութիւն յայտնած է, որ Ուքրանիան պիտի դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ, սակայն ատոր համար երկիրը պէտք է «գործնական քայլեր» ձեռնարկէ, ներառեալ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ ռազմական հիմնարկներու բարեփոխումը։ 

«Ի վերջոյ, Ուքրանիան պիտի ըլլայ եւ պէտք է ըլլայ ՆԱԹՕ-ի մէջ»,- ըսած է ան:

Պլինքըն մերժած է այն պնդումները, թէ Միացեալ Նահանգները եւ Գերմանիան կը խոչընդոտեն Քիեւի միացման՝ դաշինքին։

«Մենք Ուքրանիան դուրս բերած ենք ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու ճանապարհ»,-ըսած է ան։

Երբ անոր հարցուցած են Մոսկուայի դիրքորոշման մասին, ան ընդունած է, որ «շատ, շատ դժուար» պիտի ըլլայ ստիպել Ռուսիոյ համաձայնիլ կարգաւորման տարբերակին, որ պիտի ներառէ Ուքրանիոյ միացումը դաշինքին: