image

Ունինք 100 հազար զինեալ, սակայն ներքին պատերազմի պիտի չերթանք. Հասան Նասրալլա

Ունինք  100 հազար զինեալ, սակայն ներքին պատերազմի պիտի չերթանք. Հասան Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ճառով անդրադարձաւ Լիբանանի եւ շրջանի իրավիճակին եւ վերջին օրերուն լիբանանեան շրջանակները յուզած ապահովական դէպքերուն: Նասրալլա իր նախանձախնդրութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ քաղաքացիական ապահովութեան ամրապնդման գծով: Ան վերյիշեց իսրայէլեան ուժերու հարաւային շրջաններէն հեռացման օրերուն շրջանի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան գծով Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ձեռնարկած քայլերը: Անդրադառնալով անցնող 14 հոկտեմբերին Թայյունէի արիւնալի բախումներուն, որոնց զոհ գացին եօթը քաղաքացիներ եւ 31 ուրիշներ վիրաւորուեցան, Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլա տեղեակ էր մէկ օր առաջ կանխածրագրուած քայլերէն, սակայն վստահած էր բանակի պաշտպանութեան:

Սէյիտ Նասրալլա բացայայտօրէն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն ու անոր ղեկավարը` Սամիր Ժահժահը պատասխանատու նկատեց Թայյունէի դէպքերուն` ընդգծելով, որ Հըզպալլայի պայքարը Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ծրագիրին դէմ է: Ան նշեց, որ Ժահժահ կը միտի քաղաքացիական պատերազմ հրահրել Լիբանանի մէջ: Ան նաեւ յիշեցուց, թէ Հըզպալլա իր տրամադրութեան տակ ունի հարիւր հազար լիբանանցի զինեալներ, որոնք սակայն Լիբանանի մէջ չէ, որ պիտի կռուին: Ան յայտնեց, որ Թայյունէի զոհերուն գծով կը սպասէ յարուցուող դատական հետաքննութեան արդիւնքներուն` բացայայտելու համար իսկական յանցագործները, որոնք հաստատուելու պարագային պիտի ստանան իրենց պատժական տնօրինումը: Ան այս առիթով ցաւակցութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` Ամալ շարժումի զոհերուն համար:

 

 Լուրը՝ «Ազդակ»էն: