image

Ոսկի սրտով՝ Նարինէին

Ոսկի սրտով՝ Նարինէին

Սիրելի՛ Նարինէ,

Բառերը չեն կրնար արտայայտել այն ցաւն ու կսկիծը, զորս մենք` ընտանիքդ, հարազատներդ, ընկերներդ, գործընկերներդ ու պաշտօնակիցներդ կը զգանք այսօր:

Քու ապաքինման ճամբորդութեանդ ընթացքին դուն իսկական պայքարող մըն էիր: Հանդիպեցար բազմաթիւ բժիշկներու, մասնագէտներու, հիւանդապահներու, բայց ինծի համար դուն այս բոլորն էիր: Կը զարմանայի եւ կը շարունակեմ զարմանալ այն հսկայական ժամանակին համար, զոր տրամադրեցիր քու հիւանդութեանդ վերաբերող ուսումնասիրութիւններ կատարելու, որպէսզի աւելի լաւ գիտնաս քու պարագայիդ մանրամասնութիւնները: Քու հաստատակամութիւնդ ու վճռակամութիւնդ իսկապէս անհաւատալի էին: Իմ կարծիքովս եւ նկատի ունենալով այն հսկայական գիտելիքները, զորս ձեռք ձգեցիր վերջին 4 տարիներուն, արդար է քեզ տոքթոր Պուլղուրճեան կոչել:

Ընկերային շրջանակի մէջ դուն ամէնէն հանգստացնող նկարագիրը ունէիր` դիւրահաղորդ, ընկերասէր, համեստ եւ հիւմորով լեցուն: Եթէ մէկը օգնութիւն խնդրէր քեզմէ, դուն երկու անգամ չէիր մտածեր ընդառաջելու մասին: Միշտ ալ ուրիշը առաջնահերթ էր քեզի համար, նոյնիսկ` քու ամէնէն դժուար ժամանակներուդ:

Կամաւոր աշխատանքդ, առատաձեռնութիւնդ, նուիրուածութիւնդ քու սիրելի եկեղեցիիդ ու դպրոցիդ հանդէպ տակաւին կ՛արձագանգեն մինչեւ օրս: Մեծ երազներու տէր էիր, համարձակ տեսլականով եւ անսահման ծրագիրներով ապրող անձ մը: Դժբախտաբար լոկ 37 տարիներ ապրեցար միայն, բայց եւ այնպէս շատ հզօր ազդեցութիւն եւ իւրայատուկ դրոշմ ձգեցիր հոն, ուր գացիր, եւ անոնց վրայ, որոնց հանդիպեցար կեանքիդ ընթացքին:

Իրականութեան մէջ մենք շատ բան սորվեցանք քեզմէ` դրական ըլլալ, քաջութիւն, լաւատեսութիւն եւ ամէնէն կարեւորը` յոյս, քանի որ դուն միշտ կ՛ըսէիր, որ ամէն ինչ լաւ է եւ լաւ պիտի ըլլայ: Երբ կը մտածեմ քու մասիդ, առաջին բանը, որ միտքս կու գայ, քու ժպիտդ է,  խնդուքդ, մեր կատակները, մեր կիսած երգիծանքը եւ այն, թէ մենք ինչպէ՛ս զիրար կը հասկնայինք լոկ նայուածքներով:

Քեզի հետ յաճախ կ՛ունենայինք մտերմիկ զրոյցներ, եւ դուն սովորութիւն ըրած էիր զիս կոչել սըհըր, արաբերէնով` քեռայր:  Երբ կ՛ըսէիր` «Սըհըր», ուրեմն ես կը մտածէի, կը գիտնայի արդէն, որ մտքիդ մէջ կար ծրագիր մը, որուն կը պատրաստուէիր: Այդքան մեծ ձգտումներ ունեցող անձ էիր, Նարինէ, լեցուն կեանքով, կեանքը սիրող:  Եւ եթէ պատահէր, որ մոռնայի տուեալ ծրագիրին կամ նախաձեռնութեան մասին, նիւթը կրկին կը բանայիր` ըսելով. «Ուրեմն, գանք մեր նիւթին»` մղելով, որ վերադառնայինք կիսատ ձգուած քննարկումին:

Իսկապէս եզակի անձնաւորութիւն մըն էիր,  շատ արագ շարժող ու մտածող եւ շատ պայծառ մտքի տէր:  Կը նմանի ճատրակի խաղին, երբ մենք կը փորձենք մեր առաջին քայլին մասին պատկերացում մը կազմել, դուն արդէն վերջին շարժումը ուրուագծած կ՛ըլլայիր մտապատկերիդ մէջ:

Անսահման սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերեցիր մօրդ, հօրդ, քրոջդ, անշուշտ ինծի եւ յատկապէս քրոջդ զաւակներուն` Կարոյին եւ քու մէկ հատիկ Լիանայիդ նկատմամբ, որ ամբողջ աշխարհ մըն էր քեզի համար: Հանգչէ հանգիստ եւ վստահ եղիր, որ առաւելագոյնս պիտի ընեմ այս գեղեցիկ ընտանիքը աճեցնելու եւ սնուցանելու այն սկզբունքներով, զորս դուն սերմանեցիր:

Քանի մը օրեր առաջ Տուպայ կը գտնուէի, այցելեցի գործատեղիդ` «Ռոլանտ պըրկըր»: Խորքին մէջ քու գործընկերներէդ ոմանք ալ հոս կը գտնուին մեզի հետ, ուստի առիթը օգտագործեմ քու անունով իմ անկեղծ երախտագիտութիւնս յայտնելու «Ռոլանտ պըրկըր»-ին` առաջին օրէն քեզի նկատմամբ իսկ իրենց ցուցաբերած անսակարկ զօրակցութեան համար:

Զարմանալի է, թէ ինչպէ՛ս բոլորը, անխտիր, քեզ կը նկատեն գործակիցէ մը շատ աւելին: Անդրադարձայ, որ դուն մաս կը կազմէիր «Ռոլանտ պըրկըր» ընտանիքին եւ կը համարուէիր անկեղծ բարեկամ մը, որուն հետ գործակցիլը բոլորին համար հաճոյք էր: Դուն արհեստավարժ էիր, բծախնդիր, կազմակերպուած եւ ամէն բանէ առաջ` արդար ու իրաւացի: Կարելի է հաստատօրէն ըսել, որ դրախտը ոչ թէ հրեշտակ մը շահեցաւ, այլ անիկա դարձաւ աւելի կազմակերպուած եւ լաւ տեղ մը` քու ներկայութեամբդ: Մօրդ հետ կը կատակէինք ու ըսինք. «Աստուած քեզ քովը տարաւ, որովհետեւ կարիքն ունի քեզի»: Կը պատկերացնէինք, որ դուն` բացած քու լեփթոփդ, քու նշանաւոր «Էքսել»-ի էջերովդ, նախագիծներովդ, գծապատկերներովդ, վիճակագրութիւններովդ եւ տոկոսային պատկերներովդ պիտի ընէիր ամէն բան, որպէսզի վստահ ըլլաս, որ ամէն ինչ ճիշդ եւ լաւ ձեւով դասաւորուած է:

Գիտեմ ու կը հաւատամ, որ մեր ուղիները պիտի հանդիպին նորէն, որովհետեւ բոլորս ալ այցելուներ ենք այս մոլորակին վրայ:  Մինչ այդ քու ժառանգութիւնդ պիտի շարունակուի, եւ մենք ոտնահետքերուդ պիտի հետեւինք:

Նարինէ՛, քու կախարդական ժպիտդ, դրոշմուած քու իւրայատուկ այտփոսիկովդ եւ քու ոսկեայ սիրտդ մեր յիշատակներուն մէջ յաւերժ փորագրուած պիտի մնան:

Մինչ նոր հանդիպում:

Մեծ սիրով`
ՔՈՒ ԱՄԷՆԷՆ ՍԻՐԵԼԻ ՍԸՀԸՐԴ

 

* Ընտանիքին անունով արտասանուած դամբանական` Նարինէ Պուլղուրճեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին, 12 յունիս 2023-ին: