Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն 1 նոյեմբերին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ հանդիպման քննարկած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը։ Ինչպէս գրած է «ԲԵԼՏԱ» գործակալութիւնը, երկրի ղեկավարը հնարաւորինս բաց եւ անկեղծ խօսած է այս եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ տիրող իրավիճակի հետ կապուած այլ հարցերու շուրջ:
«Այս հակամարտութիւնը (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ-Խմբ.) պէտք է աւարտել: Եւ Աստուած մի արասցէ, մենք դեռ հակամարտութիւն հրահրենք տաճիկաղրղզական սահմանին: Սա նոյնպէս անընդունելի է: Մենք պէտք է վերջ տանք ատոր: Չի կրնար ըլլալ, որ ՀԱՊԿ ծիրէն ներս մենք չենք կրնար կանգնեցնել այդ հակամարտութիւնները։ Մենք պէտք է լրջօրէն քննարկենք այդ հարցերը ՀԱՊԿ յաջորդ նստաշրջանին»,-ըսած է Պելառուսիոյ ղեկավարը։
Նոյեմբերի երկրորդ կէսին նախատեսուած ՀԱՊԿ հերթական գագաթնաժողովի նախաշեմին Լուքաշենքօն ուշադրութիւն հրաւիրած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին։
«Այնուամենայնիւ, Դուք (Զասը-Խմբ.) այնտեղ էիք, տեսաք, թէ ինչ կը կատարուի, միացեալ շտաբի պետն ալ աշխատեցաւ։ Օրինակ, երբ կ'առաջարկուէր ՀԱՊԿ առաքելութիւն ուղարկել այնտեղ, ես մտածեցի՝ մենք այստեղ՝ Պելառուսիոյ մէջ, Զասէն աւելի զօրաւոր մարդ ունի՞նք», -ըսած է երկրի ղեկավարը։
Լուքաշենքօն նաեւ նշած է, որ Ռուսիան արդէն միջնորդ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իրավիճակի կարգաւորման հարցով, եւ այդ բաւական է.«Պատերազմը աւարտած է: Պարզ է, թէ ինչպէս աւարտած է: Կողմերը որոշած են, որ իրենց միջնորդ պէտք է: Սա դասական չափանիշ է: Բնականաբար, այդ միջնորդը Ռուսիան է: Դիմեցին Ռուսիոյ: Ռուսիան հարիւրաւոր մարդիկ տեղակայեց այնտեղ: Մենք կը յիշենք, թէ ինչպէս օդանաւերը կը թռէին: Ռուս սահմանապահները, ինչպէս ըսած է Փութինը, կը գտնուին սահմանի բոլոր հատուածներուն վրայ։ Ե՛ւ Թուրքիոյ հետ, Իրանի հետ այնտեղ, ե՛ւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ եւ այլն։ Ալ ի՞նչ պէտք է։ Թող աշխատին այս ուղղութեամբ։ Իզուր չըսի, որ որոշակի խաղ կ'ընթանայ։ Ես կը հասկնամ, թէ ինչ խաղ է, ինչու Եւրոմիութիւնը կը ներքաշեն անոր մէջ, ինչու այնտեղ քարշ կու տան ԵԱՀԿ-ը։ Ի՞նչ պիտի ընեն այնտեղ, եթէ այնտեղ արդէն միջնորդ կայ։ Եւ ՀԱՊԿ-ն ալ պէտք է ներքաշել ատոր մէջ։ Կարծես ուրիշ ընելիք չկայ»,- ըսած է Լուքաշենքօն: