image

Ողբերգական դէպք Երեւանի մէջ. 9-ամեայ երեխայի դի գտնուած է

Ողբերգական դէպք Երեւանի մէջ. 9-ամեայ երեխայի դի գտնուած է

Երեւանի մէջ, 10 Հոկտեմբերին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 00։10-ի սահմաններուն Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի՝ ժողովուրդին յայտնի «Անկախ մայլա» թաղամասին մէջ գտնուող տարածքներէն մէկուն մէջ՝ պեթոնէ փանելի տակ, երեխայի դի կայ։

Փրկարարներն ու ոստիկանները Իսակովի պողոտայի 52/5 հասցէի դիմաց գտնուող հողատարածքին մէջ՝ պեթոնէ փլած քարի տակ, յայտնաբերած են 9-ամեայ Է. Ե-ի դին։

Ըստ տեղեկութիւններուն, երէկ, ժամը 23։00-ին երեխային հայրը դիմած էր ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին եւ յայտնած, որ որդին ժամը 17։00-ին դուրս եկած է տունէն եւ չէ վերադարձած, որմէ յետոյ Մալաթիայի ոստիկանները, երեխային հարազատներն ու հարեւանները սկսած են որոնողական աշխատանքներ, ապա նշուած վայրին մէջ, որ երեխային բնակութեան վայրին հարեւանութեամբ է, յայտնաբերած են երեխան արդէն մահացած վիճակի մէջ։