Օրերս լիբանանահայ երգիչ Ռայան Դամասկոսի մէջ ելոյթ ունենալու ֆոնին յայտարարած է՝ թէ «Սուրիան ինծի համար չի համարուիր երկրորդ հայրենիք, այնտեղ են իմ ընտանիքը, այնտեղէն սկիզբ առած են իմ յաջողութիւնները»:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Սուրիոյ մասին լուրեր տարածող ընկերային էջերէն։
Լիբանանահայ երգիչը, որ յայտնի դարձած է, որպէս կատարողը սուրիական սիրուած «Այյամ Ալ Տիրասէ» (Դպրոցական օրեր) տեսաշարի երգին, ամէն անգամ որ Սուրիա այցելէ, անպայման երախտագիտութիւն կը յայտնէ սուրիացի իր երկրպագուներուն, եւ կ՚ըսէ, թէ ինք Սուրիոյ մէջ երբեք օտարութիւն չի զգար, որովհետեւ այնտեղ կը դիմաւորեն զինք ամենայն ջերմութեամբ, սիրով ու գնահատանքով:
Ան ի մասնաւորի կը նշէ իր սէրը հանդէպ Հալէպին:
Ի դէպ, Ռայանի առաջին երգի՝ «Ահլա Ղարամ»ի (Ամենագեղեցիկ սիրահարութիւնը) թողարկումը համընկնած էր Լիբանանի մէջ քաղաքական խլրտումներու հետ, հետեւաբար տարածում չէր գտած Լիբանանի մէջ, մինչդեռ Սուրիոյ հասարակութեան կողմէ մեծ ընդունելութեամբ դիմաւորուած, մինչեւ իսկ նշանաւոր դարձած:
Նշենք, որ Ռայան յաճախ ելոյթներ կ'ունենայ Սուրիոյ մէջ: 2010-ին ան մասնակցած է Լաթաքիոյ մէջ կայացած «Սիրոյ փառատօն»ին, ուր ներկայ գտնուած են հազարաւոր երկրպագուներ: Նոյնիսկ պատերազմի տարիներուն Ռայան շարունակած է ելոյթներ տալ սուրիական բեմերուն վրայ, ինչպէս 2016-ին, երբ մասնակցած է Հալէպի Բերդի փառատօնին:
Լուրը՝ «Արեւելք»ի համար պատրաստեց Թ.Գասպարեան