image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Ստեփանակերտի նախկին քաղաքապետ Եուրի Ներսիսեանը

Ոչ եւս է Ստեփանակերտի  նախկին քաղաքապետ Եուրի Ներսիսեանը

Մահացած է հասարական ու պետական գործիչ, 1992-1993 թուականներուն Ստեփանակերտի քաղաքապետ Յուրի Ներսիսեանը:

Այս մասին ֆէսպուքեան իր էջով գրառում կատարած է Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը։

«Մենք յաւերժ երախտապարտ պիտի ըլլանք գոյամարտի դժնդակ օրերուն մեր քաղաքի կենսագործունէութեան թիւ մէկ պատասխանատուին, Արցախեան շարժման առաջամարտիկներէն ու մեր պետականութեան ստեղծման ջատագովներէն մէկուն: Մեծ քաղաքացիին յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ թէ՛ անոր սերնդակիցներուն, թէ՛ գալիք սերունդներու յուշերուն մէջ: Ննջէք խաղաղութեամբ, մեր աւագ ընկեր», գրած է ան: