image

«Ո՛չ, կորիզային պատերազմ պիտի չըլլայ». Ճօ Պայտըն

«Ո՛չ, կորիզային պատերազմ պիտի  չըլլայ». Ճօ  Պայտըն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ ամերիկացիները պէտք չէ անհանգստանան հնարաւոր միջուկային պատերազմի համար` Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի` ռազմավարական ուժերը «յատուկ» պատրաստութեան վիճակի բերելու վերաբերեալ յայտարարութիւններու լոյսին տակ:

Միաժամանակ Փենթակոնի խօսնակ Ճոն Քիրպին ըսած է, որ ԱՄՆ-ն «կը դիտարկէ եւ կը վերլուծէ» Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին յայտարարութիւնը:

Նախօրէին Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն նախագահ Վլատիմիր Փութինին զեկուցած է, որ անոր հրամանին համաձայն` Ռազմավարական նշանակութեան հրթիռային զօրքերու կառավարման կէտերու, Հիւսիսային եւ Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմերու, ինչպէս նաեւ հեռահար օդագնացութեան հրամանատարութեան հերթապահները սկսած են ուժեղացուած անձնակազմով մարտական հերթապահութիւն իրականացնել: