Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Վիննիցայի մէջ նախօրէին իրականացուած հարուածներու հետեւանքով ոչնչացած է Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերու հրամանատարական կազմը։
«14 յուլիսին ծովային տեղակայման «Քալիպր» տեսակի հրթիռներով հարուածներ հասցուած են Վիննիցա քաղաքի կայազօրային սպայի տան։ Այդ պահուն, ռազմական այդ կառոյցին մէջ կ'ընթանար Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերու հրամանատարական կազմի խորհրդակցութիւնը սպառազինութեան շուրջ՝ օտարերկրեայ մատակարարներու հետ։ Հարուածի հետեւանքով խորհրդկացութեան մասնակիցները ոչնչացուած են», - յայտարարած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իկըր Քոնաշենքովը։
Ռուսիոյ ռազմական գերատեսչութեան խօսնակի պնդմամբ, խորհրդակցութեան մասնակիցները կը քննարկէին Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու օդանաւերու եւ խոցման միջոցներու հերթական խմբաքանակի մատակարարման, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ օդակայանի վերանորոգումը կազմակերպելու հարցերը։
Ուքրանիան յայտարարած է, որ Վիննիցայի մէջ իրականացուած հարուածներուն թիրախը եղած է քաղաքացիական կառոյցները։
Հրթիռակոծութեան հետեւանքով, ըստ պաշտօնական Քիեւի, առնուազն 20 խաղաղ բնակիչ զոհուած էր։