image

Վերապատուելիներ Սելիմեան Եւ Շահնազարեան Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան 

Վերապատուելիներ Սելիմեան Եւ Շահնազարեան Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան 

Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան ներկայացուցիչ վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի, որոնց հետ զրուցեց հայկական կեանքը յուզող հարցերու մասին:  

Հանդիպումին ընթացքին Գեղամ արքեպիսկոպոսը նախ շնորհաւորեց վեր. Սելիմեանի նոր՝ Միջազգային միաբանութեան ընկերակցութեան (Moderator of the International Congregation Fellowship) ատենապետի պաշտօնը եւ լսեց վերապատուելիին զեկոյցը սուրիահայութեան ներկայ անմխիթար իրավիճակին մասին:

Այնուհետեւ, հոգեւոր պետերը ծաւալեցին զրոյց մը, որուն ընթացքին անոնք անդրադարձան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու ներկայ կացութեան եւ հայկական գաղութներու դիմագրաւած ապահովական, տնտեսական, առողջապահական, կրթական եւ ընկերային դժնդակ պայմաններուն՝ շեշտելով, որ ներկայիս հալէպահայութիւնը կը դիմագրաւէ գոյատեւման ճգնաժամ եւ մեծապէս կարիքը ունի օգնութեան:   

Այս առումով, վերապատուելի Սելիմեան ընդգծեց կարեւորութիւնը Հալէպի երեք համայնքներուն միջեւ ստեղծուած միասնականութեան, «որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ աւելի լաւ տիրութիւն ընել հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ ըստ կարելւոյն առաւելագոյն չափով մեղմացնել անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները»:  

Յայտնենք, որ վեր. Սելիմեան շրջանս ժամանած է AMAA-ի հանդիսութեան իբրեւ մասնակցող: 

Հանդիպումին աւարտին, հոգեւոր բարեկամները նաեւ արծարծեցին հայ-քրիստոնեայ մարդը յուզող զանազան դժուարութիւնները: