image

Ձեռնարկութիւններու կասեցումը կապ չունի իմ նկատմամբ յարուցուած գործի հետ. Ծառուկեանը՝ ՔԿՀ-էն

Ձեռնարկութիւններու կասեցումը կապ չունի իմ նկատմամբ յարուցուած գործի հետ. Ծառուկեանը՝ ՔԿՀ-էն

Գագիկ Ծառուկեանը նամակ յղած է Քրէակատարողական հիմնարկէն՝ նշելով, որ իր նկատմամբ յարուցուած քրէական գործը որեւէ առնչութիւն չունի այն ձեռնարկութիւններու հետ, որոնց գործունէութիւնը կասեցուած է։

Ծառուկեանը նշած է, որ ինքը վաղուց դուրս եկած է ատոնց կառավարումէն եւ չէ մասնակցած ընթացիկ գործունէութեան։ Միաժամանակ ան յայտարարած է, որ ձեռնարկութիւններու աշխատանքի կասեցումը նպատակ ունի զինք վնաս հասցնել։

«Ինձ համար այս օրերին ամենացաւալին այն է, որ ինձ հետ փոխկապակցուած բոլոր ձեռնարկութիւններում մարդիկ զրկուել են աշխատանքի գնալու, իրենց օրուայ հացը վաստակելու հնարաւորութիւնից։ Աշխատող, բարիք ստեղծող ձեռնարկութիւնները կանգնեցուել են»,- նշած է Ծառուկեանը։

Յուլիս 6-ին Գագիկ Ծառուկեանը ձերբակալուած է, ապա կալանաւորուած՝ երկու ամիսով։ Քննչական կոմիտէն յայտարարած է, որ Ծառուկեանը կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն եւ փողերու լուացում կազմակերպելու համար։ Անոր փաստաբանը, իր հերթին, պնդած է, որ գործը քաղաքական երանգաւորում ունի, իսկ Ծառուկեանը պէտք է ճանչցուէր տուժող, ոչ թէ մեղադրեալ։

Ծառուկեանին պատկանող ընկերութիւններու աշխատանքը եւս կասեցուած է։ Արդէն քանի մը օր է, որ աշխատաողները բողոքի ցոյցեր կ՚ընեն՝ պահանջելով վերականգնել իրենց աշխատանքը։