Հայաստան- Անուանի դերասան Վարդան Պետրոսեան ազատութեան մէջ է: Այս մասին լուրը տրուեցաւ News.am-ի կողմէ: Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ Պետրոսեանի ազատ արձակուելու որոշումը տրուած է Կոտայքի մարզի Աբովեան շրջանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին կողմէ: Պետրոսեան, որ բաց րէժիմով պիտի կրէ իր պատիժը բանտարկուած էր Հոկտեմբեր 2013-ին Եղվարդ շրջանին մէջ եղած ինքնաշարժի արկածին պատճառով, որուն հետեւանքով Էտկար Եւ Էտուարտ Յակոբեան եղբայրները մահացած էին: