image
Հրատապ լուրեր:

Ազատութեան հրապարակին մէջ վրան տեղադրուած է արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար

Ազատութեան հրապարակին մէջ վրան տեղադրուած է արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար

Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան նախաձեռնող խումբի ներկայացուցիչները վրան տեղադրած են Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ` ծրագրելով այդտեղէն համակարգել խումբի աշխատանքները։

Անոնք փորձած են նաեւ երկրորդ վրան տեղադրել, սակայն տեղւոյն ծառայութիւն իրականացնող ոստիկանները թոյլ չեն տուած` ըսելով, որ արտօնուած է տեղադրել միայն մէկ վրան։

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ շաբաթ օր մեծ հանրահաւաք տեղի ունեցաւ ի պաշտպանութիւն արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Հանրահաւաքի օրակարգային հիմնական հարցերն էին Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի հարցի առաջմղումը, Հայաստանի մէջ արցախցիներու ընկերային եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, գերիներու ազատ արձակման ուղղուած ջանքերը, Արցախի մշակութային ժառանգութեան ու մասնաւոր սեփականութեան պաշտպանութիւնը:

Նշենք, որ բռնի տեղահանուած արցախցիները կը պահանջեն վերանայիլ 1 ապրիլէն «40.000+10.000 դրամ» ընկերային աջակցութիւնը դադրեցնելու որոշումը։

Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի անդամ Նժդեհ Իսկանդարեան յայտարարած է, որ կառավարութիւնը 2 շաբաթ ժամանակ ունի իր որոշումները փոխելու համար, այլապէս պիտի անցնին աւելի մեծ գործողութիւններու: