image

Վարդան Ղուկասեանին մեղսագրուող կաշառքի գործը պիտի երթայ դատարան. անոր 10 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ

Վարդան Ղուկասեանին մեղսագրուող կաշառքի գործը պիտի երթայ դատարան. անոր 10 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ

Հակափտածութեան կոմիտէն աւարտած է Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանին առնչուող կաշառքի գործի քննութիւնը: Շուտով այն պիտի ղրկուի դատարան։ Այս մասին յայտանած են Հակափտածութեան կոմիտէէն։

Վարդան Ղուկասեանի արարքը հիմնաւորուած է քրէական վարոյթով ձեռք բերուած շարք մը ապացոյցներով։ Կաշառատուն ինքզինք մեղաւոր ճանչցած է, իսկ Վարդան Ղուկասեանը, ըստ անոր փաստաբանի, մեղադրանքը չէ ընդունած:

Դատարանին կողմէ մեղադրանքի ապացուցման պարագային անոր մինչեւ 10 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ: