Հակափտածութեան կոմիտէն աւարտած է Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանին առնչուող կաշառքի գործի քննութիւնը: Շուտով այն պիտի ղրկուի դատարան։ Այս մասին յայտանած են Հակափտածութեան կոմիտէէն։
Վարդան Ղուկասեանի արարքը հիմնաւորուած է քրէական վարոյթով ձեռք բերուած շարք մը ապացոյցներով։ Կաշառատուն ինքզինք մեղաւոր ճանչցած է, իսկ Վարդան Ղուկասեանը, ըստ անոր փաստաբանի, մեղադրանքը չէ ընդունած:
Դատարանին կողմէ մեղադրանքի ապացուցման պարագային անոր մինչեւ 10 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ: