«Ժիպէյլի որբանոցին մօտ թաղուածներուն աճիւններու փոխադրութեան յետաձգումը շատ դրական քայլ մը եղաւ». «Արեւելք»ին ըսաւ Վարդան Աւագեան: Աւագեան, որ Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի շիրիմներու հարցով հիմնական աղմուկ բարձրացնողներէն մէկն է ըսաւ, որ «Բոլորս գիտենք, որ գերեզմանները քանդելը անընդունելի քայլ մըն էր եւ մեր բողոքը առնչուած չէր «Թռնոց Բոյն»ը վերանորոգելու կամ Ցեղասպանութեան զոհերուն ու որբերուն յիշատակին թանգարանի կառուցման դէմ»: Աւագեան նաեւ ըսաւ, որ թէեւ շիրիմները փոխադրելու ծրագիրը առկախուած է սակայն մինչեւ այս պահը վստահեցումներ չկան, թէ այդ ծրագիրը կրնայ իրականացուիլ: «Մեզի կը մնայ այս առիթը օգտագործել, քանի որ մենք դեռ ամբողջովին վստահ չենք, որ Անթիլիաս հրաժարած է այդ ծրագրէն» ըսաւ ան աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց սկսած արշաւը: Վարդան Աւագեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ պատկան մարմինները այս հարցով քննարկումներու առիթ կու տան եւ այդ քննարկումները պէտք է ըլլան բաց եւ հրապարակային: Աւագեանի կարծիքով ընկերային ցանցերէ եւ այլ հարթակներէ խնդրին շուրջ բարձրացուած աղմուկը մեծապէս սատարեց, որ կաթողիկոսարանի մարմինները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որոշումները եւ տարբեր շրջանակներէ հարցին շուրջ ցուցաբերուած մօտեցումները համարեց կարեւոր եւ աննախընթաց: Ան ըսաւ, որ խնդրին վերաբերեալ իրենց նախաձեռնած ստորագրահաւաքէն ետք խնդրով մտահոգ հայորդիներ ճարտապետական խումբ մը կազմելու մասին առաջարկներ ըրին, որպէսզի յաջողուի հարցը աւելի մասնագիտական հարթակով քննարկել: Աւարտին Վարդան Աւագեան «Արեւելք»ի ամպիոնէն շեշտեց երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութեան մասին նկատել տալով, որ նման համազգային խնդիր մը պէտք երկար եւ հիմնարար քննարկումներու սեղանին դրուի: Յիշեցնենք, որ Վարդան Աւագեան քաղաքաշինութեան ճարտարպետ եւ արուեստագէտ է: Անոր հօր մեծ հայրը ըլլալով ցեղասպանութիւնէն ճողոպրած որբ եւ ապա «Թռչնոց Բոյն»ի բնակիչ ու պաշտօնեայ, ըստ «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Եագոպսընի կտակին թաղուած է «Թռչնոց Բոյն»ի հողակտորին մէջ եղող եւ ծովեզրին գտնուող գերեզմանատան մը մէջ: Խնդրին առընթեր աղմուկը բարձրացած էր երբ Մեծի Տանն Կիլիկոյ հովանաւորութեան տակ գործող «Թռչնոց Բոյն»ի պատասխանատու յանձնախումբը տնեսական ծրագրի մը իրականացման համար մտադրած էր գերեզմանին մէջ թաղուածներուն աճիւնները շիրիմներէն հանել եւ նոր հիմնադրուած թանգարանին կից վերաթաղել: