Թուրքիոյ արեւելեան Վան նահանգին մէջ յայտնի հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի յիշատակին կառուցուած շատրուանը վնասուած է անյայտ անձերու կողմէ:
Վանի Էտրեմիթ թաղամասի թաղաապետարանը շատրուան կառուցած էր 2015-ին` շարունակելով ննջեցեալներուն յիշատակը յարգելու աւանդոյթը` ջուր ապահովելով բնակիչներուն ու անցորդներուն համար: Շատրուանը կառուցուած է Սեւիլ Ռոճպին Չեթինի օրօք, որ քաղաքապետ ընտրուած էր այժմ գոյութիւն չունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն:
Շատրուանի չորս կողմերը թուրքերէնով, հայերէնով, քրտերէնով եւ անգլերենով զարդարուած են Կորքիի կեանքի մանրամասներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրէն ջուր կը հոսի: Շատրուանի ճարտարապետները յատուկ տեղական քարեր օգտագործած եւ կառուցած են զայն Կորքիի ընտանիքի նախկին տան մօտ:
Յուշարձանը նախապէս մի քանի անգամ վանտալիզմի ենթարկուած է: Քաղաքապետ Չեթինը հեռացուած էր պաշտօնէն եւ բանտարկուած էր ահաբեկչութեան մեղադրանքով: Չեթինին փոխարինած է կառավարութեան կողմէ նշանակուած պաշտօնեան, որ թոյլ տուաւ շատրուանի հետագայ քանդումը:
Ժամանակի ընթացքին չորս կողմի ծորակները վնասուած ու խցանուած են, իսկ Կորքիի անունը քերուած է: Ամենավերջին միջադէպի ժամանակ հանուած եւ անհետացած են Կորքիի կեանքի պատմութիւնը պատմող ցուցանակները:
Հարցին, թէ ինչու ջուրն անջատուած է, քաղաքապետարանը պատասխանած է, որ այդ կապուած է ջուրի պակասով, ընդ որում, հերքած է վնասի մասին որեւէ տեղեկութիւն: