image

«Վակներ» ջոկատը մտադիր է ի մօտոյ լքել Պախմուտը

«Վակներ» ջոկատը մտադիր է ի մօտոյ լքել Պախմուտը

«Վակնէր» մասնաւոր ռազմական ընկերութեան հիմնադիր Եւկէնի Փրիկոժինը յայտնած է, որ իր մարտիկները մայիս 10-ին պիտի լքեն ուքրանական Պախմուտ քաղաքը, եթէ զինամթերքի պակասը չլրացուի։ Այդ մասին ան յայտնած է թելեկրամեան տեսաուղերձով։

Փրիկոժինի խօսքով՝ զինամթերքի բացակայութեան պատճառով վակներականներու կորուստներն օրէ օր կ'աւելնան։

«Հակառակ ատոր, «Վակներ» մասնաւոր ռազմական ընկերութեան հրամանատարներու խորհուրդը որոշած է պահել իր դիրքերը եւ շարունակել յարձակումը Պախմուտի վրայ մինչեւ 2023 թուականի մայիս 10-ը, որ ռուսերու համար սրբազան տօնը՝ մայիս 9-ը՝ Յաղթանակի օրը, դիմաւորուի ռուսական զէնքի փայլով», -ըսած է ան:

Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Պախմուտ քաղաքը կարեւոր պաշտպանական հանգոյց է Տոնպասի մէջ ուքրանական զօրքերու համար: Այն վերահսկողութեան տակ վերցնելը թոյլ կու տայ հետագայ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնել Ուքրանիոյ զինուած ուժերու պաշտպանութեան խորքը։

Յայտնի է, որ ռուսական ուժերը կը վերահսկեն քաղաքի կէսէն աւելին։