image

Վեր. Փօլ Հայտոսթեան ընդունեց ՍԴՀԿ-ի Նորընտիր Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը

Վեր. Փօլ Հայտոսթեան ընդունեց ՍԴՀԿ-ի Նորընտիր Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը

Իր կարգին Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան իր օրհնութիւնը տուաւ ՍԴՀԿ նորակազմ Վարիչ մարմինին եւ կատարեց յաջողութեան բարեմաղթանքներ:

 

Օրերս  Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ծանօթացումի այցելութիւն տուաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահի տեղապահ, վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին: Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց ատենապետ Վանիկ Տագէսեան:

Տագէսեան նախ Վեր. Հայտոսթեանին ներկայացուց նորընտիր Վարիչ մարմինին կազմը եւ շեշտեց հետեւողական համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը: Ժողովականները միտքեր փոխանակեցին ներլիբանանեան գլխաւոր խորագրերուն, հայաստանեան նորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերող նիւթերուն շուրջ: Անոնք յատկապէս քննարկեցին վերջին շրջանին երիտասարդութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ անոնց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու հնարաւորութիւնները:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր օրհնութիւնը տուաւ ՍԴՀԿ նորակազմ Վարիչ մարմինին եւ կատարեց յաջողութեան բարեմաղթանքներ: