image
Հրատապ լուրեր:

Կազայի մէջ բժշկական համալիրի վրայ յարձակման հետեւանքով վեց մարդ զոհուած է

Կազայի մէջ բժշկական համալիրի վրայ յարձակման հետեւանքով վեց մարդ զոհուած է

Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Խան Եունիս քաղաքի «Նասեր» բժշկական համալիրին վրայ 12 նոյեմբերին, իսրայէլեան օդային հարուածի հետեւանքով զոհուած է վեց մարդ, անոնց մէջ՝ վիրաբոյժ։ Վիրաւորուած է 20 մարդ։ Այս մասին յայտնած է պաղեստինեան WAFA գործակալութիւնը։

Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հարուածը թիրախաւորած է բժշկական համալիրի երկրորդ յարկը՝ պատճառելով մեծ նիւթական վնասներ եւ ոչնչացնելով հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժանմունքը։

Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան եւ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն հրատապ միջամտելու՝ հիւանդանոցները պաշտպանելու եւ կատարուածի պատասխանատուները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար։

Աւելի ուշ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը (ԻՊԲ) յայտարարած է, թէ թիրախաւորած են «Համաս»-ի բարձրաստիճան զինեալի եւ խմբաւորման զինուած թեւի այլ անդամներ, որոնք, ըստ անոնց, կը գործէին Խան Եունիս գտնուող հիւանդանոցի տարածքը։

Յայտարարութեան մէջ զինուորականները մեղադրած են «Համաս»ը հիւանդանոցային համալիրը որպէս ռազմական գործողութիւններու հրամանատարական կեդրոն օգտագործելու մէջ, անոր կարգին՝ զէնքի պահեստաւորումը, հրամանատարական եւ վերահսկողական սենեակներու շահագործումը եւ հիւանդանոցային կառոյցները որպէս դիտակէտեր եւ զինեալներուն համար ապաստարան օգտագործելու մէջ։

«Համաս»-ի խօսնակը դատապարտած է իսրայէլեան կողմի գործողութիւնները՝ կատարուածը որակելով որպէս «լիարժէք ռազմական յանցագործութիւն»։

2023 թուականի 7 հոկտեմբերէն ի վեր Կազայի դէմ պատերազմի հետեւանքով զոհերուն ընդհանուր թիւը հասած է 74653-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 176007-ի։

Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 2025 թուականի հոկտեմբերին հրադադարը ուժի մէջ մտնելէն ի վեր զոհուած է առնուազն 1622 մարդ եւ վիրաւորուած՝ 5878։

Իսրայէլը Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւններ սկսած էր ի պատասխան պաղեստինեան «Համաս» շարժման զինեալներու ներխուժման, որու հետեւանքով զոհուած էր գրեթէ 1200 մարդ, գերեվարուած՝ շուրջ 250 մարդ։