Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Մաքսիմ Ռիժենքովը յայտարարած է, որ նպատակայարմար է սահմանափակել Հայաստանի հասանելիութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) փակ բնոյթի փաստաթուղթերուն։ Այս մասին ան յայտնած է «Պելառուս 1» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին։
«Վստահ եմ, որ կը սահմանափակուի հասանելիութիւնը որոշ փաստաթուղթերու, որոնք ընդհանրապէս փակ բնոյթ ունին»,- ըսած է Ռիժենքովը։
Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կասկածի տակ դրած է Հայաստանի ղեկավարութեան այսպիսի տեղեկութիւններու լիարժէք հասանելիութիւն տրամադրելու նպատակայարմարութիւնը՝ երկիրը բնորոշելով որպէս «կեղծ դաշնակից»։
Անոր խօսքով՝ տեսականօրէն գաղտնի տեղեկութիւնները կրնան օգտագործուիլ ի վնաս այն երկիրներու շահերուն, որոնք մտադիր են զարգացնել ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ համագործակցութիւնը։
Ռիժենքով նաեւ քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը ՀԱՊԿ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) նկատմամբ։ Անոր գնահատմամբ՝ Հայաստանը կը փորձէ օգտուիլ այդ կառոյցներու անդամակցութեան առաւելութիւններէն՝ առանց լիարժէք մասնակցելու անոնց գործունէութեան։
«Կը ստացուի այսպիսի իրավիճակ. ես ձեզմէ կ'ընտրեմ այն, ինչ զիս կը հետաքրքրէ՝ կազին, նաւթին գիները, իմ ապրանքներուս տեղափոխումը մինչեւ վերջնական սպառող, իսկ մնացածը մեզի չի հետաքրքրեր»,- ըսած է Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ Հայաստան զրկուած է ՀԱՊԿ-ի մէջ ձայնի իրաւունքէ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մէջ պատասխանատու պաշտօններ իր ներկայացուցիչները նշանակելու իրաւունքէն։ Անոր խօսքով՝ որոշումը պայմանաւորուած է Հայաստանի կողմէ անդամակցութեան պարտաւորութիւնները չկատարելով։
Նշենք, որ Հայաստանը 2024-ի փետրուարին յայտարարած էր ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութիւնը սառեցնելու մասին՝ պատճառաբանելով, որ կազմակերպութիւնը չէ կատարած Հայաստանի նկատմամբ ստանձնած անվտանգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ պատշաճ չէ արձագանգած 2021-2022 թուականներուն Հայաստանի տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն։ Երեւանը դադրեցուցած է նաեւ անդամավճարներու վճարումը, սակայն պաշտօնապէս դուրս չէ ելած ՀԱՊԿ-էն։