image
Հրատապ լուրեր:

Վախճանած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի երբեմնի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ արք. Թապագեանը

 Վախճանած է ԱՄՆ Արեւմտեան  Թեմի երբեմնի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ արք. Թապագեանը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բանբեր հանդիսացող «Կիլիկիա» կայանի դիմատետրեան էջէն վերահասու դարձանք, որ օրերս վախճանած է Կաթողիկոսութեան երէց անդամներէն՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ արք. Թապագեանը։ 

 

 Կը նշուի, որ սրբազանը իր մահկանացուն կնքած է Լոս Անճելըսի մէջ, ուր կը գտնուէր երկար ժամանակէ ի վեր։

 

 Երկար տարիներ Թեմի Առաջնորդի պաշտօն վարած Տ. Եփրեմ արք. իր պաշտօնը աւարտելէն ետք շրջան մը վերադարձած էր Անթիլիասի Աթոռ ուր վարած էր մատենադարանապետի պաշտօն։

 

 Աւելի հանգամանաւոր կերպով պիտի անդրադառնանք Գերշ. Տ. Եփրեմ արք. կենսագրութեան ու նաեւ լոյս սփռենք անոր ազգային-եկեղեցական գործունէութեան վրայ։