Բռնագրաւուած Արցախի Իւանեանի շրջանի Մեշալի գիւղին մէջ իբրեւ թէ «ապօրինի հայկական զինուած կազմաւորումներու կազմին մէջ ցեղասպանութեան մասնակցելու» համար մեղադրուող արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանի քրէական գործով դատարանի որոշման դէմ վերաքննիչ բողոք ներկայացուած է։
Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբան Ռատմիլա Ապիլովան՝ ի պատասխան Report-ի խնդրանքի։
Անոր խօսքով՝ Պաքուի վերաքննիչ դատարան Խաչատրեանի նկատմամբ կայացուած դատավճիռը բեկանելու վերաբերեալ բողոք ներկայացուած է:
«Խաչատրեանին տեսած եմ նոյեմբեր 24-ին, ան առողջական խնդիրներ չունի, ես անոր բացատրած եմ իր բոլոր իրաւունքները», -ըսած է Ապիլովան։
Յիշեցնենք, որ Պաքուի զինուորական դատարանի դատավճռով Վ. Խաչատրեանը դատապարտուած է 15 տարուան ազատազրկման։ Առաջին 5 տարիները ան պէտք է կրէ բանտին մէջ, իսկ մնացածը՝ խիստ ռեժիմի գաղութին մէջ։