image

Տ.Վարդան Վրդ. Գազանճեանի հովուական ծառայութեան աւարտի Սուրբ Պատարագը

Տ.Վարդան Վրդ. Գազանճեանի հովուական ծառայութեան աւարտի Սուրբ Պատարագը

Պէյրութի մէջ, կիրակի 5 յունիս 2016-ին, «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ Հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան իր հովուական ծառայութեան աւարտին առթիւ Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ: Պատարագամատոյցը տեղի պիտի ունենայ հայ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերաշնորհ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ նախագահութեամբ: Սուրբ  Պատարագի ընթացքին Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը պիտի ներկայացնէ նոր ժողովրդապետը՝ Հայր Սեպուհ վարդապետ Կարապետեան: Պատարագի աւարտին բարի երթի եւ բարի գալուստի մաղթանքներու փոխանակում եւ հիւրասիրութիւն պիտի մատուցուի Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ: