Յատուկ ՝ «Արեւելք»ին
Ամէն Անգամ որ մամուլին մէջ նման համագումարի մը մասին կը կարդամ, -այս վերջինը տեղի ունեցաւ 2-3 Սեպտեմբեր 2105-ին Աթէնքի մէջ,-- նոյն վրդովմունքը կ'ունենամ եւ հարց կու տամ ինքզինքիս. այս ժողովները, որոնք տարիներէ ի վեր կը գումարուին զանազան վայրերու մէջ, ի՞նչ կապ ունին իրականութեան հետ եւ ո՞րքան իրենց նպաստը կը բերեն իսկական համագոյակցութեան ամրապնդման:
Ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է յիշեցնել մեր ընթերցողներուն, որ խնդրոյ առարկայ համագումարը կազմակերպուած էր Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին՝ 2012թուականին հաստատած միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու կոչուած կեդրոնին կողմէ: Բացարձակապէս հակառակ չենք երկխօսութեան, եւ սակայն չենք կրնար չյայտնել մեր զարմանքն ու վրդովմունքը երբ նման վսեմ գաղափարախօսութիւն հետապնդող համագումար մը կազմակերպուած ու հոգացուած է երկրի մը կողմէ՝ ուր ո'չ մէկ քրիստոնէական եկեղեցի գոյութիւն ունի եւ ո'չ ալ կրնաս կառուցանել, ուր ոտնակոխոխուած են մարդկային իրաւունքներու (Human Rights) առ հասարակ բոլոր կանոնները, եւ ուր կը տիրապետեն միայն բռնակալութիւնն ու բռնատիրութիւնը: Երկիր մը որ կը ֆինանսաւորէ ծայրայեղական իսլամները, որոնք մինչեւ այսօր քանդեցին եւ կողոպտեցին տասնեակ եկեղեցիներ, առեւանգեցին, բռնաբարեցին, գլխատեցին եւ զանազան չարչարանքներով սպաննեցին քրիստոնեաներ՝ յանուն Իսլամ կրօնի:
Այս բոլորին քաջատեղեակ ըլլալով, ի՞նչպէս կարելի է հաւատալ որ նոյն ինքն Սէուտական Արաբիան միջ-կրօնական նման երկխօսութիւն զարգացնելու համար համագումարներ կը կազմակերպէ: Կրնա՞յ ըլլալ որ չենք տեսներ այս բոլորը, եւ կամ կը տեսնենք՝ սակայն կը փորձենք մեր գլուխը աւազին մէջ թաղել: Այո՛, Սուէտական Արաբիան առանձինն չէ ծայրայեղականները հոգալու աշխատանքին մէջ, այլ անոր կ'ընկերակցին ա՛յլ արաբական երկիրներ, ինչպէս նաեւ, դժբախտաբար, «քրիստոնեա՜յ» կոչուած եւրոպական պետութիւններ:
Զիրար հակասող այս երեւոյթները մեզի խորապէս պէտք է մտածել տան թէ այս բոլորը կը կատարենք յուսհատական մեր գոյավիճակի՞ն որպէս արդիւնք, թէ ոչ՝ իսկապէս կը հաւատանք որ այս համագումարները վերջապէս կրնան առողջ եւ շինիչ մթնոլորտ մը ստեղծել համագոյակցութեան, որուն նշոյլն անգամ չ'երեւիր այս օրերուն Միջին Արեւելքի քաղաքական հորիզոնին վրայ, երբ ամէն օր առանց բացառութեան նոր սպանութիւններ տեղի կ'ունենան յանուն Իսլամ կրօնի: Չենք փափաքիր յոռետեսութեամբ մօտենալ հարցին, եւ սակայն չենք ալ փափաքիր ինքնախաբէութեամբ օրօրուիլ եւ փայլուն ապագայի մը երազները հիւսել:
Արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել Իսլամ պետութիւններուն ու ժողովուրդին, թէ Միջին Արեւելքը ծննդավայրն է Քրիստոնէութեան, նոյնիսկ նախ քան իսլամութեան՝ պատմութեան թատերաբեմին վրայ յայտնուիլը, եւ այս երկու միաստուածեան կրօնները միասին ապրած են ու անոնց համագոյակցութիւնը տիրապետող ներկայութիւն եղած է տարածաշրջանի հազարամեայ պատմութեան ընթացքին. միթէ պատմութեան նո՞ր է որ պիտի ծանօթանան: Ի՞նչպէս կարելի է մշակել համապարփակ մարտավարութիւն՝ դիմագրաւելու համար ներկայ ընկերութեան այս չարիքները երբ գերպետութիւններու շահերուն, --քաղաքական եւ ֆինանսական,-- հակոտնեայ մարտավարութիւններ պիտի ցցուին մեր ջանքերուն դէմ, որովհետեւ մեր քրիստոնէական գոյակցութեան հրատապ հարցը ո'չ մէկ արժէք ունի եւ կրնայ ուենալ անոնց համաշխարհայնացած մեծ հաշիւներուն մէջ:
Եւ վերջապէս, բացի Վատիկանէն, արդեօք որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն կարդացի՞նք միջազգային մամուլին մէջ, այն մասին թէ գերպետութիւններ ահազանգ հնչեցուցին որ քրիստոնեաներ կը խողխողուին Միջին Արեւելքի մէջ յանուն Իսլամ կրօնի, եւ թէ անհրաժեշտ է զօրաշարժի ենթարկել բոլոր քրիստոնեայ պետութիւնները, փրկելու իրենց քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը: Ո'չ մէկ նման յայտարարութիւն: Եւ պատմութիւնը մի'շտ կը կրկնուի. կարծես երէկ էր տակաւին երբ քրիստոնեայ Հայ ժողովուրդը անմարդկային սպանդի ենթարկուեցաւ յանուն քրիստոնէութեան, եւ եւրոպական պետութիւններ սառն արիւնով դիտեցին մեր ջարդը ու իրենց անտարբերութեամբ մեղսակից դարձան ցեղասպանութեան:
Կը յիշէ՞ք 1974-ի Թուրք պետութեան երկրորդ յարձակումը Կիպրոս կղզիին վրայ, ուր թրքաբարոյ կերպով սպաննուեցան աւելի քան 25,000 քրիստոնեայ Յոյներ (հայեր ալ մեծ կորուստներ ունեցան), մինչ մի քանի փարսախ անդին Միջերկրականեան ծովուն մէջ կայք հաստատած Ամերիկեան նաւատորմը կը դիտէր այս արհաւիրքները, սառնարիւնութեամբ եւ անտարբերութեամբ: Ո՞ւր էիր արդարութիւն....
Համագումարներու մէջ ընդունուած եւ կատարուած ընդհանուր յայտարարութիւնները կ'արժեն միայն ա՛յն թուղթը՝ որուն վրայ արձանագրուած են այդ յայտարարութիւնները, մինչեւ այն ատեն որ անոնք չեն իրագործուիր արդարօրէն Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Խօսքերը կը ցնդին, գործն է յաւերժական: Մահամերձ քրիստոնեայ Միջին Արեւելքի ժողովուրդը անկասկած որ պէտք ունի իսկական համագոյակցութեան մարտավարութեան, եւ ո'չ թէ սին յայտարարութիւններու:
Ինքնախաբէութիւնը առաքինութիւն չէ......
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
9 Սեպտեմբեր 2015