image

Հենրիխ Մխիթարեանը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու խնդրի վրայ

Հենրիխ Մխիթարեանը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու խնդրի վրայ

Միլանի «Ինթըր»-ի կիսապաշտպան եւ Հայաստանի ոտնագնդակի ազգային հաւաքականի նախկին աւագ Հենրիխ Մխիթարեան ինսթիկրամի իր էջով կիսուած է Ատրպէյճանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու վերաբերեալ լուրով։

Հենրիխ Մխիթարեան դեռ նախորդ տարուան սեպտեմբերին կոչով պահանջած էր ազատ արձակել Ատրպէյճան պահուող Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ այլ գերեվարուած անձերը։

Ատրպէյճան հինգ ամիսով եւս երկարաձգած է Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանի, երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեանի, չորրորդ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, ԼՂ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, ՊԲ նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Լեւոն Մնացականեանի, ԼՂ ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի կալանքի ժամկէտը, որոնք ներկայիս անօրինական կերպով կը պահուին Պաքուի մէջ։