Լոս Անճելըսի ջրամատակարարման համակարգի հզօրութիւնը բաւարար չէ եղած հրդեհները մարելու համար։ Այս մասին գրած է «Washington Post»-ը՝ յղում ընելով փորձագէտներուն, հրշէջներուն եւ պաշտօնեաներուն։
«Լոս Անճելըսի Փասիֆիք Փալիսայտս, Ալթատենա եւ այլ շրջաններուն կը սպասարկեն այնպիսի համակարգեր, որոնք նախատեսուած են շէնքերու մէջ բռնկող հրդեհներու դէմ պայքարելու, ոչ թէ զանգուածային անտառային հրդեհներու համար», -ըսուած է հրապարակման մէջ:
Փասիֆիք Փալիսայտսի իշխանութիւնները նշած են, որ շրջանին մէջ հրդեհները մարելու համար ջուրի ծաւալները սպառած են 12 ժամուան ընթացքին:
Լոս Անճելըսի հրշէջներու արհմիութեան նախագահ Ֆրետի Էսքոպարը բողոքած է նման մեծութեան աղէտներուն դիմակայելու համար անհրաժեշտ միջոցներու եւ անձնակազմի բացակայութենէն` նշելով, որ տեղի ջրամատակարարումը պատրաստ չէ տարածաշրջանին մէջ յաճախակի դարձած անտառային հրդեհներուն դիմակայելու համար:
Միեւնոյն ժամանակ Լոս Անճելըսի ջրամատակարարման եւ ուժանիւթի բաժնի նախկին գլխաւոր ղեկավար եւ գլխաւոր ճարտարապետ Մարթի Ատամսն ըսած է, որ ամբողջ երկրին մէջ ջուրի պահեստաւորման համակարգերը նախատեսուած չեն խոշոր հրդեհներու դէմ պայքարելու համար:
Լոս Անճելըսի շրջանը տասնեակ հազարաւոր բնակիչներու համար պարտադիր տարհանման հրահանգ սահմանած է:
Շրջանի հրշէջ ծառայութեան ղեկավարը խոստովանած է, որ միջոցները նախատեսուած եղած են մէկ-երկու խոշոր հրդեհներու դէմ պայքարելու համար:
Իրավիճակը կը սրեն ուժեղ քամիները, որոնց պատճառով ժամանակաւորապէս դադրեցուած է օդագնացութեան աշխատանքը։
Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներու` Լոս Անճելըսի խոշոր հրդեհներու հետեւանքով վնասուած կամ ոչնչացած է մօտ 9 հազար տուն։
Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ հրդեհներու հետեւանքով մահացածներու թիւը հասած է 10-ի:
«AccuWeather» խորհրդատուական ընկերութենէն նշած են, որ Քալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներու հասցուցած վնասը հասած է 135-150 միլիառ տոլարի:
Լոս Անճելըսը կը նախատեսէ պարետային ժամ սահմանել կողոպտիչներու դէմ պայքարելու համար: Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներու`ոստիկանութիւնն արդէն ձերբակալած է 20 կասկածեալ։
Ճանապարհային երթեւեկութիւնը վերահսկելու եւ ենթակառուցուածքները պաշտպանելու համար իշխանութիւնները օգնութեան համար դիմած են Քալիֆորնիոյ ազգային ստորաբաժնման։