Արցախի մէջ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով թեթեւ վիրաւորում ստացած քանի մը զինծառայողներ դուրս եկած են հիւանդանոցէն։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի առողջապահութեան նախարար Միքայէլ Հայրիեանը։
Ան յայտնած է, որ ծանր վիճակի մէջ գտնուող զինծառայողի մօտ դրական տեղաշարժ կայ։
Նշենք, որ ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով վիրաւորուծ զինծառայողներու թիւը 19-ն է։ Վիրաւորներէն 4-ը ծանր վիճակի մէջ են, մէկը՝ ծայրայեղ ծանր, միւս զինծառայողներու վիճակը կը գնահատուի միջին եւ թեթեւ ծանրութեան։
Յիշեցնենք, որ 1 օգոստոսին ժամը 09:00-էն սկսեալ, Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան սահմանագօտիի շարք մը հատուածներու մէջ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները դիմած են սադրանքի՝ կատարելով շփման գիծը հատելու փորձեր, որոնք կասեցուած են Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու ուժերով: Այդ սադրանքներու հետեւանքով հայկական կողմն ունեցած է երկու զոհ։