image

ԱՄՆ բանագնացները դրական գնահատած են Մոսկովեան այցը

ԱՄՆ բանագնացները դրական գնահատած  են Մոսկովեան այցը

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնացներ Ճարետ Քուշները եւ Սթիւըն Ուիթքոֆը Սեպտեմբեր 6-ին Քիեւի մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած են խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ նոր յառաջընթացի մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը։

Քուշներն ու Ուիթքոֆը Քիեւ մեկնած էին Մոսկուայէն, ուր նախորդ օրը երեք ժամ բանակցութիւններ վարած էին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Ուիթքոֆ յայտնած է, որ Մոսկուայի մէջ իրենք «նոր գաղափարներ լսած են», սակայն չէ մանրամասնած զանոնք։ Անոր խօսքով՝ իրենք կը սպասեն, որ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ «շատ շուտով» յայտարարուի Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններու նոր հանգրուանի մասին։

 

«Մոսկուայի մէջ մենք մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք», Սեպտեմբեր 6-ին Քիեւի մէջ լրագրողներուն ըսած է Ուիթքոֆ՝ աւելցնելով, որ «շատ ոգեւորուած» է ուքրանական կողմին հետ ունեցած քննարկումներէն։

Զելենսքի դրական գնահատած է Ուիթքոֆի եւ Քուշների հետ ունեցած «շատ բովանդակալից» զրոյցը եւ յայտարարած, որ Ուքրանիա պատրաստ է եռակողմ բանակցութիւններու։ Ան նշած է, որ քննարկուած են նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումները եւ ձմրան ընդառաջ Ուքրանիոյ ուժանիւթային աջակցութիւն տրամադրելու հարցերը։

Զելենսքի յայտնած է նաեւ, որ պաշտօնեաները քննարկած են Քիեւին անվտանգութեան եւ տնտեսական երաշխիքներ տրամադրելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեան «բարեկեցութեան ծրագիրը»։

ԱՄՆ-ի բանագնացները քանի մը ժամ բանակցութիւններ վարած են ուքրանական պաշտօնեաներուն հետ։ Քիեւ գտնուող Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականները նոյնպէս միացած են հանդիպման վերջին մէկ ժամուն։