Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, ընդունած է «Together» հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ տիար Յակոբ Յակոբեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ ատոր մասին տրուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց «Together» հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ տիար Յակոբ Յակոբեանը։
Հաստատութեան պատասխանատուն անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ գումարուած համագումարի մասնակցութեան, իր ունեցած հանդիպումներուն եւ տարած աշխատանքին։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց հաստատութեան պատասխանատուին տարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։