Բռնապետութիւնները երբեք ինքնուրոյն չեն անհետանար, եթէ չկայ տնտեսական ճգնաժամ. Տնտեսագէտ Աճէմօղլու
Միջազգային ճանաչում ունեցող տնտեսագէտ եւ Մասաչուսեցի արհեստագիտութիւններու հիմնարկի (MIT) փրոֆեսոր Տարօն Աճէմօղլուն 19 Հոկտեմբերին ելոյթ ունեցաւ Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի ընկերակցութեան (TÜSİAD) բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին, վերլուծելով թրքական տնտեսութեան վիճակը, մասնաւորապէս նկատի ունենալով որ այդ կը վերաբերի քաղաքականութեան:
Ան ընդգծեց բռնապետութիւններու եւ տնտեսական բարգաւաճման միջեւ հակադարձ կապը: Անոր խօսքով, բռնապետութիւնները տնտեսապէս կենսունակ չեն, բայց անոնց յառաջացուցած տնտեսական ճգնաժամերը կրնան յանգեցնել ժողովրդավարութեան վերադարձի:
Իր խօսքին մէջ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ եւ «Ինչո՞ւ ազգերը կը ձախողին» գիրքի համահեղինակ Դոկտ. Աճէմօղլուն նշած է, որ 1950-ականներէն ի վեր ինք ուսումնասիրած է համաշխարհային շուկաները եւ կրնայ ցոյց տալ ժողովրդավարութեան նկատելի դրական ազդեցութիւնը շուկաներուն վրայ:
«Բռնապետութիւնները երբեք ինքնուրոյն չեն անհետանար: Տնտեսական ճգնաժամերը յաճախ կը տանին դէպի ժողովրդավարութիւն: Հակառակ տնտեսական ճգնաժամին, հակառակ այս դժուարութիւններուն, ժողովրդավարութիւնները կը նպաստեն վերականգնման», ըսաւ ան:
Աճէմօղլու նաեւ ընդգծեց «որակի» աճի կարեւորութիւնը` կայուն աճը, որ կ'աւելցնէ արտադրողականութիւնը եւ կը յանգեցնէ կեանքի որակի բարձրացման, ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ աշխարհի երկիրներուն համար: Որքան ցած ըլլայ «որակի» աճը, այնքան անհաւասարութիւնը կ'աւելնայ», ըսաւ ան եւ յաւելեց, որ «Թուրքիոյ մէջ անհաւասարութիւնը ակնյայտ է: Փտածութեան եւ ապօրինի հարստացման, այլ խօսքով՝ ժողովրդավարական սկզբունքներու անկման պատճառով, անհաւասարութիւնը կ'աւելնայ:
«Մենք կ'ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ անհաւասարութիւնը արագ կշռոյթով կ'ընթանայ ապօրինի հարստացման պատճառով, որ համակարգին կողմէ չհետապնդուած վիճակի մէջ կը գտնուի», ըսաւ Աճէմօղլու եւ աւելցուց, որ «հիմնականին մէջ հաստատութեան փլուզումը դեր կը խաղայ այդ առումով»:
Ան նշած է, որ Թուրքիան տնտեսական կայուն անկում արձանագրած է վերջին 15 տարիներուն, յատկապէս վերջին հինգ տարիներու ընթացքին ՝ 2016 թուականի Յուլիսեան յեղաշրջումի փորձէն եւ անոր յաջորդած՝ Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութեան նուազումէն ետք:
«Եթէ նայիք որեւէ հաստատութենական ցուցանիշի, վերջին 15 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է սուր նահանջ: Յատկապես վերջին 5-6 տարիներու ընթացքին Թուրքիան ամենամեծ հաստատութենական վատթարացումը ունեցաւ աշխարհի մէջ, Մալիէն ետք: Այս կը ներառէ լրատուամիջոցներու եւ մասնաւորապէս խօսքի ազատութիւնը», նշեց Աճէմօղլու: Անոր խօսքով, ազատ մամուլի նման ժողովրդավարական կառոյցներու ոչնչացումը ուղղակիօրէն կապուած է Թուրքիոյ տնտեսական անկման հետ: