image

Թուրքիոյ ընտրութիւնները՝ 14 Մայիսին

Թուրքիոյ ընտրութիւնները՝ 14 Մայիսին

Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւնները նշանակուած են 14 մայիսին: Այս մասին կիրակի յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն:

«Դուք  պիտի քուէարկէք 14 մայիսի ընտրութիւններուն»,-ըսած է Էրտողան Պուրսայի մէջ երիտասարդներու հետ հանդիպման ժամանակ։

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնները ստեղծած են «Ժողովրդական դաշինք». թուրք ազգայնականներու առաջնորդ Պահչելին յայտարարած է, որ նախգահ Էրտողան պիտի ըլլայ դաշինքի թեկնածուն յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Ընդդիմութիւնը դեռ թեկնածու չէ ներկայացուցած, սակայն կը ծրագրէ այդ մասին յայտարարել փետրուարին։