Թուրքիա- («Եէնի Շաֆաք»- Պոլիս) Թուրքիոյ մէջ կազմուած «անցումային կառավարութեան» մէջ առաջին անգամ ըլլալով լաչակաւոր կին մը նախարար նշանակուած է: Այս մասին կը գրէ «Եէնի Շաֆաք»ը յաւելելով, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ այս դէպքին նախընթացը չկայ: Նշենք, որ նշանակուած նախարարը ընկերային եւ ընտանեկան հարցերու նախարարն է, որ Պոլսոյ մէջ ընկերաբանութեան դասախօս է: Նախարարը կը կոչուի Իշան Կորճան: