image

Թուրքիոյ մէջ. Երկրաշարժի զոհերու թիւը կը շարունակէ աճիլ

Թուրքիոյ մէջ. Երկրաշարժի զոհերու թիւը կը շարունակէ աճիլ

Թուրքիոյ հարաւը տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 3381-ի, յայտնած է Թուրքիոյ Արտակարգ իրավիճակներու կառավարման գործակալութեան (AFAD) ղեկավար Եունուս Սեզարը։ Եւս 20 424 մարդ վիրաւորուած է, ըսա է ան։

Ինչպէս գրած է Անատոլու գործակալութիւնը, աւելի վաղ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայը յայտնած էր, որ փլատակներու տակէն ողջ-ողջ դուրս բերուած է 7840 մարդ։ Օքթայ նաեւ նշած է, որ 338 հազար մարդ տեղաւորուած է հանրակացարաններու, համալսարաններու եւ ապաստարաններու մէջ։

Երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ եօթնօրեայ համազգային սուգ յայտարարած է։

Ըստ AFAD-ի՝ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը նախօրէին աւելի քան եօթ աստիճան ուժգնութեամբ երկու երկրաշարժ տեղի ունեցած է (տեղական ժամանակով ժամը 04:17-ին՝ 7.7 բալ եւ 13:24-ին՝ 7.6 բալ)։

Թուրքիոյ իշխանութիւնները կոչ ըրած են բնակչութեան չվերադառնալու իրենց տուները՝ յետցնցումներու վախի պատճառով։

Քիչ առաջ  Թուրքիոյ  երկրաշարժէն տուժածներուն մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ երկրի փոխ նախագահ Ֆուատ Օքթայը: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 3419-ի, վիրաւորներինը՝ 20534-ի: