image

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Երէկուան Պայթումին Առընթեր Մեղադրեալ Մը Գտած Են

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Երէկուան Պայթումին Առընթեր Մեղադրեալ Մը Գտած Են

Թուրքիա- Թուրքիոյ Վարչապետ Ահմէտ Տաութօղլուն, մամլոյ ասուլիս մը տուած է, որու ընթացքին յայտնած է, թէ «նախնական հետաքննութիւնները կը պարզեն, թէ պայթումը անձնասպանական գործողութիւն մըն է, ISIS-ին կողմէ գործադրուած»: Աւելի ուշ   հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները    յայտնաբերած են    անձ մը, որ երէկ    կատարուած  պայթումին հեղինակը ըլլալու մէջ կը մեղադրուի:Յայտնենք,  որ ցարդ  տեղեկութիւններ չկան   գտնուած անձին ձերբակալման մասին: Միւս կողմէ այլ  աղբիւրներ  յայտնած էին, որ    ահաբեկչկան գործողութիւնը  արդիւնք էր անձնասպանական գործողութեան մը:  Յիշեցնենք, որ երէկ  Թուրքիոյ Սուրուճ քաղաքին մէջ եղած Պայթումին զոհ գացած են աւելի քան 30 քաղաքացիներ: Սուրուճ քաղաքը կը գտնուի Սուրիոյ սահմանին հարեւանութեամբ: