Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներու՝ յուլիս 10-ին Ապու Տապիի մէջ կայացած հանդիպումը կրնայ դիտարկուիլ որպէս քայլ՝ ուղղուած խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրի համաձայնեցման, որ ձեռք բերուած է մարտին։
Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիքը։
«ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիու Կութերրեշը ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն եւ կ՚ողջունէ տեւական ժամանակ լարուած յարաբերութիւններու մէջ գտնուող երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը»,-ըսած է ան։