image

Թուրքիոյ գործողութիւնները Սուրիոյ եւ եւ Իրաքի մէջ մեզի համար սպառնալիք են. Սպիտակ Տուն

Թուրքիոյ գործողութիւնները Սուրիոյ եւ  եւ Իրաքի մէջ  մեզի  համար սպառնալիք են. Սպիտակ Տուն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն երկարաձգած է Սուրիոյ հետ կապուած արտակարգ դրութիւնը:

«Իրավիճակը Սուրիոյ եւ, մասնաւորապէս, թրքական կառավարութեան գործողութիւնները՝ ուղղուած Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ ռազմական յարձակման, կը խաթարեն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կառոյցը ջախջախելու արշաւը, վտանգի տակ կը դնէ խաղաղ բնակչութիւնը եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը»,- նշուած է Սպիտակ տան կայքին մէջ հրապարակուած հրամանին մէջ։

Նշուած է նաեւ, որ արտակարգ դրութիւնը պիտի շարունակէ գործել 2023 թուականի 14 հոկտեմբերէն ետք։

Յիշեցնենք, որ վերջերս ԱՄՆ-ի զինուած ուժերը Սուրիոյ երկնքին մէջ խոցած էին թրքական ԱԹՍ, որ կը թիրախաւորէր տեղի քրտական ուժերը, որոնց Թուրքիան կը համարէ ահաբեկչական, իսկ Ուաշինկթընը` ոչ: