image

Թուրքիոյ Անվտանգութեան խորհրդէն ներս պիտի քննարկուի Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացը

Թուրքիոյ Անվտանգութեան խորհրդէն ներս պիտի քննարկուի Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացը

Հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը պիտի քննարկուի Թուրքիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին՝ երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի նախագահութեամբ, յայտնած է TRT Haber-ը։

Ի թիւս այլ հարցերու, մասնակիցները պիտի քննարկեն Ուքրանիոյ, Իրանի մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր։

Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդն այս տարի պիտի հանդիպի երրորդ անգամ։