ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրանք Փալոն յայտարարած է, որ ԱՄՆ ազգային պաշտպանութեան մասին օրէնքը, որ վերջերս ստորագրած է երկրի նախագահ Ճօ Պայտընը, կարեւոր դրոյթներ կը պարունակէ, որոնք կ'առնչուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին:
«Ազգային պաշաատպանութեան մասին օրէնքը, որ նախագահ Պայտընը ստորագրած է, կարեւոր դրոյթներ կը ներառէ, որոնք ուղղուած են Ատրպէյճանն ու Թուրքիան՝ Արցախի մէջ իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութեան ենթարկելուն: Ես պիտի հետեւիմ, որ անհրաժեշտ զեկոյցները յստակ ձեւակերպուին այդ յանցագործութիւններու փաստագրման ժամանակ», իր թուիթըրեան էջով գրած է գոնկրեսականը:
Նշենք, որ նախագահ Պայտըն վերոնշեալ օրէնքը ստորագրած է Երկուշաբթի: