Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթին Քոճան յայտարարած է, որ Անգարան մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած 4 օդանաւ ուղարկած է Կազա։
Այս մասին հաղորդած է Ermenihaber.am-ը:
Տրամադրուող օգնութիւնն ուղարկուած է Եգիպտոս, ուրկէ ցամաքային ճանապարհով պիտի տեղափոխուի Կազա։
Առողջապահութեան նախարարի խօսքով՝ Կազա ուղարկուած է ելեկտրածին սարքեր, որոնք կ՚ապահովեն անխափան ելեկտրականութին, բժշկական սարքեր, պարագաներ, դեղորայք, սնունդ, տակդիրներ, հիւանդներու եւ վիրաւորներու կարիքները բաւարարող այլ անհրաժեշտ պարագաներ։
Միեւնոյն ժամանակ Քոճան նշած է, որ Թուրքիան Պաղեստինի ժողովուրդի կողքին է եւ աւելցուցած․ «Թուրք ազգի անունով ուրախ ենք հանդէս գալ նման պատասխանատւութեամբ։ Այս մարդասիրական պատասխանատւութիւնն այսքանով չաւարտիր, այն պիտի ըլլայ շարունակական»։