image

Թուրքիան հնգապատիկ պիտի թանկացնէ նեղուցներով անցնելու գինը

Թուրքիան հնգապատիկ պիտի թանկացնէ նեղուցներով անցնելու գինը

Թուրքիան, Մոնթրոյի ուխտի ընձեռած իրաւունքներու համաձայն, հնգապատիկ պիտի աւելցնէ Պոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներով անցնելու գինը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն`յղում ընելով «Sabah» թերթին։

«2022 թուականի 7 հոկտեմբերին նեղուցներու անցումներուն փարոսներու, տարհանման եւ բժշկական սպասարկման արժէքը հնգապատիկ պիտի աւելնայ, իսկ շահոյթը, որ այսօր 40 միլիոն տոլար կը կազմէ, պիտի հասնի 200 միլիոն տոլարի։ Ըստ Մոնթրոյի համաձայնագրի` Թուրքիան Պոլսոյ նեղուցով անցնող եւ Տարտանելի նեղուց մտնող եւ դուրս եկող նաւերէն փարոսներու, տարհանման եւ բժշկական սպասարկման համար գումար գանձելու իրաւունք ունի»,- գրած է թերթը։

Մոնթրոյի ուխտը ընդունուած է 1936 թուականին։ Այն կը պահպանէ առեւտրային նաւերու` նեղուցներով անցնելու ազատութիւնը ե՛ւ խաղաղ, ե՛ւ պատերազմական պայմաններուն, սակայն իւրաքանչիւր երկրի համար տարբեր պայմաններ կը գործէ։ Փաստաթուղթը կը սահմանափակէ Սեւ ծովուն մէջ ոչ սեւծովեան պետութիւններու ռազմանաւերու ներկայութիւնը 3 շաբաթ ժամկէտով։ Արտակարգ իրավիճակներու պարագային Թուրքիա կրնայ արգիլել կամ սահմանափակել զինուորականներու անցումը Պոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներով։