Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ այսուհետեւ ռուս լրագրողները ստիպուած պիտի ըլլան վիզա ստանալ դէպի Թուրքիա ծառայողական ուղեւորութիւններ կատարելէ առաջ: Այս նոր որոշումը արդէն ի զօրու է ու կը վերաբերի այն լրագրողներուն, որոնք Թուրքիա կու գան կէս տարիէն նուազ ժամանակի համար:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդմամբ, ռուսաստանցի բոլոր լրագրողները, այսուհետեւ պարտաւոր են յայտնել իրենց ուղեւորութեան ամսաթիւն ու ծրագիրը: Ներկայացուած ծրագիրները պիտի փոխանցուին արտաքին նախարարութեան եւ ուսումնասիրութենէ ու համաձայնութենէ ետք միայն վիզաներ պիտի տրամադրուին դիմորդներուն: Այնուհետեւ լրագրողները պէտք է դիմում կատարեն առժամեայ մամլոյ քարտ ստանալու, որպէսզի կարենան մասնագիտական գործունէութիւն իրականացնել:
Սակայն, այն լրագրողները, որոնք երկարաժամկէտ ծառայութեամբ Թուրքիա պիտի մեկնին, անոնց վիզայի ձեւակերպումը պիտի իրականացուի նախկին օրէնքով, այսինքն աշխատանքային վիզա պիտի ստանան Մոսկուայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունէն:
Կը նշուի, որ այս դրութիւնը փոխադարձութիւնն է Ռուսաստանի կողմէ թուրք լրագրողներու հանդէպ առնուած նոյնարժէք որոշումներուն: