Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի իր գործընկերներուն տեղեկացուցած է, որ Շուէտը կրնայ միանալ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին, եթէ կատարէ հակաահաբեկչական պայքարին մէջ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, որոնք կը բխին անցեալ տարուան յունիսին ստորագրուած Մատրիտեան յուշագրէն։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «ТАСС»-ը, այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ռազմական գերատեսչութեան ղեկավար Եաշար Կիւլերը՝ Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու նախարարներու հանդիպման արդիւնքներով։
«Մենք մեր դաշնակիցներուն տեղեկացուցած ենք, որ Սթոքհոլմի հետ մեր երկկողմ բանակցութիւններու ժամանակ յայտարարած ենք ՆԱԹՕ-ի բաց դռներու քաղաքականութեան աջակցելու մասին, եւ որ Շուէտը եռակողմ յուշագրին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններու կատարմամբ կը կարողանայ Ֆինլանտայի նման միանալ ՆԱԹՕ-ին»,-ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը։