Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 11-ին պիտի մեկնի Թուրքիա՝ մասնակցելու Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան 31-րդ համաժողովին (COP31)։ Այս մասին յայտնած է վարչապետի խօսնակ Մելանիա Յարութիւնեան։
COP31-ը սկսած է Նոյեմբեր 9-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 20։ Համաժողովի շրջածիրէն ներս, Նոյեմբեր 11-12-ին նախատեսուած է պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի եւ միջազգային գործակցութեան հարցերը։