image

Թուրքիա. PKK -ի Դէմ Մեծ Ցոյցեր Կը Սպասուին Անգարայի Մէջ

Թուրքիա.  PKK -ի Դէմ   Մեծ  Ցոյցեր  Կը  Սպասուին Անգարայի Մէջ

Թուրքիա-  Թուրքիոյ  մայրաքաղաք  Անգարայի մէջ   այսօր յետմիջօրէին     մեծ  ցոյցեր  կը սպասուին:  Այս մասին լուրը կը փոխանցուի թրքական   աղբիւրներու կողմէ:  Նշենք, որ  ցոյցերը  նախատեսուած են PKK-ի դէմ:     Այս մասին նոյնպէս տեղեկութիւնը կը փոխանցէ իշխանութեան մօտիկ համարուող   «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը կը գրէ, որ այսօրուան ցոյցերը պիտի ըլլան աննախընթաց  եւ   երկրի  սենտիքայական  միութիւնները եւ  արհմիութիւնները մեծ  թափով պիտի մասնակցին այսօրուան ցոյցերուն:Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ   ամէնօրեայ դրութեամբ բողոքի ցոյցեր կը կատարուին:Ցոյցեր գրանցուած են նաեւ հայկական թաղամասերուն մէջ, ուր ցուցարարներ  քանիցս հայութեան դէմ վանկարկումներ կատարելով պոռացած են,   թէ     «Այս թաղամասերը հայերու գերեզման պիտի դարձնենք»: