image

Թուրքիոյ մէջ մարտ 21-ին տեղի ունեցած ցոյցերու ժամանակ 350 մարդ ձերբակալուած է

Թուրքիոյ մէջ մարտ 21-ին տեղի ունեցած ցոյցերու ժամանակ 350 մարդ ձերբակալուած է

Թուրքիոյ մէջ մարտ 21-ին տեղի ունեցած ցոյցերու  ժամանակ շուրջ 350 մարդ ձերբակալուած է։ Ինչպէս հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթին, այս մասին յայտնած է երկրի ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքաեա։

«Երէկ երեկոյեան 343 կասկածեալ ձերբակալուած է Իսթանպուլի, Անգարայի, Իզմիրի, Ատանայի, Անթալիոյ, Չանաքքալէյի, Էսքիշեհիրի, Քոնեայի եւ Էտիրնիի մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ։ Անոնց, որոնք կը ձգտին խախտել հասարակական կարգը, կը սպառնան մեր երկրի կայունութեան ու անվտանգութեան, կը ձգտին անկարգութիւններու եւ սադրանքներու, երբեք նման հնարաւորութիւն չի տրուիր», - ըսած է Երլիքաեա։